Հրանդ Տինք հիմնարկի նոր նախաձեռնութիւնը

Հրանդ Տինք հիմնարկը եւ հրէից ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող Շոահ ինստիտուտը կը ծրագրեն համատեղ միջոցառում մը։ Միջոցառման շրջագծով պատմութեան տեսլական արխիւի մասին ստեղծարար միջոցներ, նորարար մերձեցումներ եւ ականատեսներու վկայութիւններու վերաբերեալ ասուլիսներ, աշխատանոցներ եւ փոխազդեցութեան հիման վրայ ցուցադրութիւններ պիտի կայանան։

Միջոցառումները Շոահի ծրագիրներու բաժնի վարիչ Քորի Սթրիթ ընկերային պատասխանատուութիւններու մասնագէտ Սետտա Անթեքելեան եւ նախագծի մասնագէտ Մանուկ Աւետիկեանի մասնակցութեամբ 22 եւ 23 փետրուար թուականներուն պիտի կայանայ Անարատ Յղութիւն շէնքի մէջ։

22 փետրուարի ասուլիսին պիտի քննարկուի Պահպանելէ դէպի ուսուցում վկայութեան մասին աշխատութիւններ, վկայութիւններու հաւաքագրումի, արխիւ պատրաստելու եւ բանաւոր պատմութեան ոլորտներու մէջ նոր հորիզոններ պարզող Շոահ հիմնարկի կազմութեան պատմութիւնը եւ այլ նիւթեր։

Իսկ 23 փետրուարի աշխատանոցը այս նիւթի շուրջ փորձառութիւններու փոխանակման գետին մը պիտի ըլլայ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22076/hrant-dink-himnargi-nvor-nakhatsyernutiwni 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ