Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնած է «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական շարժումի քաղաքական թեւը եղող Ազգային շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Ճելալ Ատան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը:
Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի` արդէն նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ հրաժարած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուելու համար:
Ընտրութիւններուն մասնակցիլ կարենալու համար Եըլտըրըմ մինչեւ խորհրդարանին կողմէ նոր նախագահի ընտրութիւնը իր լիազօրութիւնները փոխանցած է Ատանին:
Կը նշուի, որ խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութեան ժամանակ Ազգային շարժում կուսակցութիւնը պիտի առաջադրէ Ատանի թեկնածութիւնը:
Ծնունդով քրտաբնակ Աղրըէն 68 տարեկան Ատան երեք անգամ երեսփոխան ընտրուած է Պոլիսէն:
Leave a Reply