ՖՐԵԴՐԻԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆՍ
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, փետրուար 24ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած է Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին նուիրուած՝ «Պակսող Էջերը. Միջնադարեան Ձեռագրի Մը Արդի Կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն Մինչեւ Արդարութիւն» գիրքին ներկայացումը եւ շնորհահանդէսը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանի կորսուած 8 էջերուն:
Գիրքը պիտի ներկայացուի հեղինակին՝ փրոֆ. Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի կողմէ, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, յաւարտ սուրբ պատարագի, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6250 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):
2010ին, աշխարհի ամենահարուստ արուեստի հիմնարկութիւնը՝ «Կեթի» թանգարանը բախում ունեցաւ դարաւոր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ: Հայց. եկեղեցին դատի տուած էր յիշեալ հաստատութիւնը, իր իսկական տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջով Զէյթունի Աւետարանին պատկանող այն ութ էջ ձեռագիրները, որոնք լուսաւորուած էին միջնադարու մեծագոյն նկարիչ Թորոս Ռոսլինի կողմէ:
Աւետարանը դարեր շարունակ պահուած է Զէյթունի աննշան եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, մինչեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւետարանը գաղթականութեան հետ երկար ճամբայ կտրած է եւ թերթերը երկուքի բաժնուած է: Ապա, տարիներ ետք, մատեանը հասած է Հայաստան եւ տեղ գտած Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ: Մինչ այդ, անկէ կորսուած են 8 էջեր, որոնք ապագային երեւցան «Կեթի» թանգարանին մէջ:
«Պակսող Էջեր»ը կենսագրութիւնն է ձեռագիրի մը, որ միանգամայն արուեստ, սուրբ աւանդ եւ մշակութային ժառանգութիւն է: Անոր պատմութիւնը ցրիւ եղած մեր ժողովուրդի առասպելն է, որ հայրենիքէն հեռու պայքարած է սահմանելու համար իր գոյութիւնը Ցեղասպանութենէն ետք:
Հեղնար Զէթլեան-Ուաթընփա վերոյիշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը, սկսելով Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի գաղթակայանները, Էլիս կղզի (Նիւ Եորք), Խորհրդային Հայաստան, ապա Լոս Անճելըսի դատարանները: Ան կը նշէ, թէ մշակոյթի թանկարժէք պատառիկներուն պատմութիւնը կ՛արտացոլացնէ Ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ ժողովուրդի պատմութիւնը:
Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփա փրոֆեսէօր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղի արուեստի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: Ան մրցանակակիր հեղինակն է «The Image of an Ottoman City. Architecture in Aleppo» աշխատութեան: Անոր գրութիւնները նաեւ լոյս տեսած են «Huffington Post»ի եւ «Los Angeles Times»ի մէջ: Ան 2015ին, Հայոց Ցաեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման առիթով, խումբ մը սփիւռքահայերու հետ Պոլիս այցելած է, ուր ելոյթ ունեցած է հայերէնով եւ թրքերէնով: Անոր նոր գիրքը՝ «The Missing Pages. The Modern Life of a Mediaeval Manuscript, from Genocide to Justice» տպագրուած է «Սթենֆորտ»ի տպարանին մէջ:
24 Փետրուարի դասախօսութեան եւ շնորհահանդէսին հանդիսավարն է փաստաբան, թատերագիր եւ բեմադրիչ Արամ Գույումճեան: Ան այժմ կը պաշտօնավարէ որպէս Լոս Անճելըս քաղաքի անձնակազմի բաժանմունքի (Personnel Department) փոխընդհանուր վարիչը: Իր իրաւաբանական վկայականին առընթեր, Գույումճեան նաեւ տիրացած է Մագիստրոսի վկայականիn եւ իր աւարտաճառով ուսումնասիրած է Ուիլեըմ Սարոյեանի չհրատարակուած թատրերգութիւնները:
Հասարակութիւնը հրաւիրուած է մասնակցելու եկեղեցւոյ սուրբ պատարագին եւ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ աննախընթաց դասախօսութեան եւ գրքին շնոր-հահանդէսին:
Մուտքը ազատ է:
Asbarez.com
Leave a Reply