Եգիպտոսի նախագահը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչնալու ուղղութեամբ նախաքայլ կ՚առնէ

Անվտանգութեան Միւնիխի համաժողովի գլխաւոր նիստին Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ էլ Սիսիի Թուրքիոյ եւ արբանեակներուն՝ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը չտեսնել ձեւացնող կամ քաջալերողներ թափանցիկ ակնարկին ամբողջացնող բաժինը եղաւ գաղթականութիւն յարուցող պետութիւններու քայքայման մասին խօսքին մէջ յիշատակումը հարիւր տարի ջարդերու հետեւանքով հայ գաղթականութեան: Ճիշդ է, ցեղասպանութիւն եզրը չ՚օգտագործեց Եգիպտոսի նախագահը, սակայն առաջին քայլ մը կատարեց այդ ուղղութեամբ, ներկայ իրողութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով անոր յիշատակման: Նախապէս ան խօսած էր Եգիպտոսի հայ գաղթականներ ընդունած ըլլալուն մասին, սակայն պատճառինմասին չէր խօսած:

Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ Եգիպտոսի նախագահի այս քայլը, զայն գնահատելով ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախաքայլ, այլեւ հետագայ ցեղասպանութիւններ կանխելու եւ արգիլելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքակրթական նախաձեռնութեան՝ Մ. Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գլխաւոր դերակատարի դրական արձագանգ ու անոր միանալու խոստում:

Մենք մեր ձայնը կը միացնենք նախագահ Սիսիի, պահանջելով հաշուետուութեան կանչել ահաբեկչական կազմակերպութիւններ խրախուսողներն ու ժողովուրդներու ճակատագիրը ջլատողները, զանոնք դժբախտացնողները:

Եգիպտոսի Հայ Դատի ՅանձնախումբԳահիրէ

17 Փետրուար 2019

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ