Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարն այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ թանգարանը

Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անկելիտիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 13 փետրուարի առաւօտեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ թանգարանը:

Թանգարանի լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, ծանօթացաւ ցուցադրութեան եւ գրառում կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

ՀՑԹԻ հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան բարձրաստիճան հիւրին յանձնեց Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան Ծ. վրդ. Օհանեանի եւ աւստրալահայ Արա Քեթիպեանի կազմած 1890-1922 ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներու երկու հատորը:

Նշենք, որ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի համագործակցութիւնը խորացնելուն վերաբերող հարցեր:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ