Փայլան կը քննադատէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Էրտողանի բանբերին յայտարարութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հաակադարձեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը քննադատող Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալընի յայտարարութեան:

Յիշեցնենք, որ Քալըն յայտարարած էր, որ «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են»:

Արձագանգելով այդ յայտարարութեան՝ Փայլան երկու գրառում կատարեց «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ։ Ան նախ հեգնական հարցում մը յղեց Էրտողանի խօսնակին՝ ըսելով. «Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ է, հապա ինչո՞ւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 5 տարի շարունակ Ապրիլ 24ին հայ ժողովուրդին ցաւակցական ուղերձ կը յղէ»։

Յաջորդ գրութեամբ Փայլան հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ. «Պետութեան որոշումով այս հողերէն աքսորուած եւ ջարդուած հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութեան հետ Թուրքիա չէ առերեսուած եւ անոր անուանում չէ տուած։ 104 տարի է, որ կը սպասենք արդարութեան»:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ