Թուրք ազգայնամոլը կ՛առաջարկէ արտաքսել Հայաստանէն Թուրքիա եկած հայերը

Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր նշելու մասին նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութեան արձագանգելով՝ թուրք ազգայնամոլներու Մեծ միութիւն կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճի առաջարկած է Թուրքիայէն արտաքսել «Հայաստանէն Թուրքիա եկած եւ ապօրինի աշխատող հայերը»։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haberler-ը։

«Այսօր Հայաստանէն ապօրինի կերպով մեր երկիր եկած եւ այստեղ ստամոքս լեցնող 100,000 հայ կ՝ապրի: Կ՝ըսեմ՝ արտաքսենք ասոնց: Ասոնք մէկ կողմէն Թուրքիոյ դէմ լոպպինկ կ՝իրականացնեն, միւս կողմէն ալ մենք կը կերակրենք իրենց»,- մասնաւորապէս ըսած է Տեսթիճի։

Ազգայնամոլ գործիչը նաեւ ըսած է, որ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը սուտ է», եւ եթէ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհն ալ միաւորուի, չի կրնար ստիպել իրենց ընդունիլ զայն:

Տէսթիճի «չէ զլացած» նաեւ Ֆրանսայի հասցէին ոչ բարեկամական ու մեղադրական յայտարարութիւններ հնչեցնելու.

«Դուն նախ քու ըրած ցեղասպանութիւններուն համար պատասխան տուր: Ալժիրի մէջ 2 միլիոն իսլամի մահուան պատճառ դարձած ես, աջակցած ես Ռուանտայի զինուած յեղաշրջման, որուն հետեւանքով մահացած է 800 հազար մարդ: Դուն նախ անոնց պատասխանը տուր: Դուք դեռ երէկ, Քանունիի (Օսմանեան կայսրութեան սուլթան 1520-1566թթ.) փէշերը համբուրելով, անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէիք»,- ըսած է Տէսթիճի:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ