Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ողջունէ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու նախագահ Մաքրոնի որոշումը

Չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհակալական ու գնահատանքի նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` ջերմօրէն ողջունելով Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր» հռչակելու իր որոշումը:

Վեհափառ հայրապետը իր նամակին մէջ ընդգծելով նախագահ Մաքրոնի սոյն որոշումին յատուկ կարեւորութիւնը` կ՛ըսէ. «Մենք խորապէս կը հաւատանք, թէ այս որոշումը պերճախօս արտայայտութիւնն է ձեր ունեցած ամուր կապուածութեան, արդարութեան, մարդկային իրաւանց, պատմական անհերքելի իրողութեան եւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան»:

Վեհափառ հայրապետը իր նամակը կ՛եզրակացնէ յայտնելով, թէ նախագահին այս որոշումը շօշափելի արտայայտութիւնն է այն բարեկամական կապերուն, որոնք կը միացնեն ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդները:

http://www.aztagdaily.com/archives/426303 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ