ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, կիրակի, յունուար 20ին նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12րդ տարելիցը:
Կէսօրէն ետք, ժամը 2ին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը։ Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան:
Բացման խօսքը արտասանեց միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան:
Ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթք եւ հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան:
Յայտագիրը ունէր ոգեկոչական բանախօսութեան, գեղարուեստական եւ հարցազրոյցի բաժիններ: Խօսք առին պոլսահայ ճարտարապետ եւ հեղինակ Զաքարիա Միլտանօղլու, պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ եւ գաղութի ազգային գործիչներէն՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:
Ձեռնարկին ընթացքին, միութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան» շքանշանը շնորհեց Զաքարիա Միլտանօղլուին:
Asbarez.com
Leave a Reply