ԱԹԷՆՔ– Յունաստանի Քալամաթա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը իր նիստին ընթացքին որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը կանգնեցնել իր քաղաքին մէջ:
Քալամաթայի քաղաքապետ Փանաէոթիս Նիքաս քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն ներկայութեան յայտարարեց, թէ յուշարձանը Հայաստանէն պիտի բերուի ու պիտի զետեղուի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ դիմացի պուրակին մէջ…
Նշենք, որ եկեղեցին քաղաքի յոյն ուղղափառ առաջնորդին կողմէ յատկացուած է հայ համայնքին՝ եկեղեցական արարողութիւններ կատարելու համար:
Քաղաքապետը աւելուց, թէ յուշարձանի կանգնեցման այս որոշումը առնուած է նկատի ունենալով, որ Քալամաթայի մէջ հայ համայնքը տարիներու ընթացքին աշխոյժ ներկայութիւն եղած է:
Asbarez.com
Leave a Reply