Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ

Երգահան Կոմիտասի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:

Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, յունուար 29-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեան:

Հայաստանի UNESCO-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, իր հերթին, նշած է, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուական յայտ ներկայացնելու օրացուցային օրերուն համար, եւ միշտ խնդիր եղած է ընտրութեան հարցով: Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները UNESCO-ի օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ՝ յանձնաժողովի կարծիքը եղած է նոյնը:

Կը պարզուի, սակայն, խնդիր եղած է՝ կապուած Թուրքիոյ հետ: Կոմիտասի 150-ամեակը սկիզբը չէ ներառուած: Պատճառաբանուած է, որ Կոմիտասը ծնած է Թուրքիոյ տարածքէն ներս եւ այս պարագային պէտք է նաեւ թրքական կողմին դիրքորոշումը: Հայկական կողմը, ի վերջոյ, յաջողած է հաստատել եւ հիմնաւորել հայկական կողմին յայտը:

 Yerakouyn.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ