Կարօ Փայլան Լիբանանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ

Շաբաթ, 26 յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը, ընկերակցութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեանի։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման քննարկումներուն առանցքը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Ցեղասպանութեան հարցը, Սիսի Կաթողիկոսարանին դատը, Թուրքիոյ հայութեան պարզած ներկայ վիճակը եւ այլ յարակից խնդիրներն էին։ Նշեալ հարցերուն գծով Կարօ Փայլան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, միաժամանակ իր տեսակէտները յայտնելով։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման եւ այդ ծիրէն ներս Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին։

Ապա, երեսփոխան Կարօ Փայլանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի առաջնորդութեամբ, այցելեց Մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ իր յարգանքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհ 1.5 միլիոն սրբացեալ նահատակներու յիշատակին։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ