Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ Ցամաքային զօրքերու ռազմական ակադեմիային մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ՝ յիշատակած է Արցախը՝ նշելով, որ «անոր կորուստը եւս մէկ դաս էր նաեւ Թուրքիոյ համար»՝ անցեալի սխալները չկրկնելու եւ քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական հզօրութիւնը զարգացնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
«Պետութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին մենք մեր ամէն քայլին ժամանակ հասկցանք մէկ բան. եթէ դուք չունիք անհրաժեշտ քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական ուժ եւ չէք կրցած հասնիլ միասնութեան, պէտք է գիտնաք, որ ոչ ոք ձեր արցունքներուն պիտի նայի»,- ըսած է Էրտողանը՝ աւելցնելով, որ իրենք ասոր մէջ համոզուեցան Կիպրոսի գործողութեան, Էգէյեան ծովուն մէջ եղած լարուածութեան, ԱՍԱԼԱ-ի յարձակումներուն, Ղարաբաղի գրաւման, Պոսնիայի կոտորածներուն ժամանակ:
Ըստ անոր՝ իր գլխաւորած կուսակցութեան իշխանութեան օրով՝ վերջին 16 տարիներուն՝ Թուրքիան կը պայքարի ամէն ոլորտի մէջ հզօրանալու ու «սեփական ոտքերու վրայ կանգնիլ կարողանալու» համար:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ թրքական ԶՈւ-ն «բացառապէս խաղաղասիրական նպատակներով» կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիսը, աւելին՝ Էրտողանը պնդած է, թէ Թուրքիան միակ երկիրն է, որ մարդասիրական նպատակներով կը գտնուի Սուրիոյ տարածքին մէջ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply