«Զիրվէ»ն ալ կազմակերպուած չէ եղեր

8 Ապրիլ 2007-ին Մալաթիոյ մէջ երեք քրիստոնեայ գործիչներ վայրագօրէն սպաննուած էին «Զիրվէ» հրատարակչատան մէջ։ Գերմանացի Թիլման Էքեհարթ Կեսքէ եւ ազգութեամբ թուրք Նեճաթի Այտըն եւ Ուղուր Եիւքսելի սպանութենէն ետք ամբաստանեալներ Էմրէ Կիւնայտըն, Ապուզէր Եըլտըրըմ, Սալիհ Կիւրլեր, Ճումա Էօզտեմիր եւ Համիտ Չեքեր ձերբակալուած եւ բանտարկուած էին։

Մալաթիոյ թիւ 1 Եղեռնադատ Ատեանը 28 Սեպտեմբեր 2016-ին բոլոր ամբաստանեալներուն համար վճռեց երեք անգամ ցկեանս բանտարկութեան եւ յաւելեալ ձեւով 39 տարի, 9 ամիս բանտարկութեան։ Ցկեանս բանտարկութեան վճռուած էր նախապէս կազմակերպուած ձեւով մարդասպանութեան մեղքով։ 30-ական տարի վճռուեցաւ անհատի ազատութիւնը կանխելու մեղադրանքով։ Իսկ 9 տարի, 9 ամսուայ պատճառաբանութիւնն էր կողոպուտը։

Այնթապի վարչական ատեանը եւս տեղին գտած է արձակուած վճիռը։ Սակայն հարցը հիմա յանցագործ կազմակերպութիւն հաստատելու առումով փոխանցուած է Վճռաբեկ ատեան։ Զոհուածներու իրաւապաշտպաններ Էրտալ Տողան եւ Ալի Գօչ դժգոհ են Վճռաբեկ ատեանի յանցագործ կազմակերպութիւն հաստատելու վարկածը անտեսելուն պատճառաւ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/21938/zirven-al-gazmagyerbuadz-che-yeghyer 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ