Շաբաթ, Յունուար 19-ին՝ այն ժամուն, երբ սպաննուած էր «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինք, հարիւրաւորներ դարձեա՛լ հաւաքուեցան շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ եւ ոգեկոչեցին նահատակուած խմբագիրին յիշատակը, կը գրէ “Մարմարա”։
Նախորդ տարիներուն նման, այս անգամ եւս մարդիկ ցոյցի ելած էին պաստառներով, որոնց վրայ գրուած էր. «Չենք հրաժարիր, աղբարիկ», «Յանուն Հրանդի, յանուն արդարութեան», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»։
Միջոցառման մասնակցողներուն մէջ էին նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, իրաւագէտ Հիւսէյն Հաթեմի, լրագրողներ Օրալ Չալըշլար եւ Հասան Ճեմալ, սպաննուած փաստաբան Թահիր Էլչիի այրին եւ խումբ մը քաղաքական գործիչներ։
Ոգեկոչման հանրահաւաքին ընթացքին, 1948-ին սպաննուած թուրք հանրայայտ հեղինակ Սապահետտին Ալիի դուստրը՝ Ֆիլիզ Ալի կարդաց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը՝ նշելով, որ 12-րդ տարին է, որ Հրանդ Տինքի յիշատակը կ՛ոգեկոչուի անոր գաղափարակիցներուն կողմէ, Տինք ընտանիքին կողքին կանգնելու համար։ Ան նշեց, որ տակաւին յոյս ունի, որ Տինքի դաժան սպանութեան հեղինակները վերջապէս կը բացայայտուին եւ արդարութիւնը կը յաղթանակէ։
Կարդացուեցաւ նաեւ ուղերձը «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի նախագահ Օսման Քաւալայի, որ առաւել քան մէկ տարի բանտարկուած կը մնայ եւ որուն դէմ մեղադրական թղթածրար չէ պատրաստուած տակաւին։ Քաւալա իր ուղերձին մէջ կը շեշտէր, թէ կ՛ուզէ ապրիլ հպարտութիւնը այն հայրենակիցին, որուն իրաւական համակարգը կը յարգուի պետութեան կողմէ։ «Ամէն տարի, Յունուար 19 -ին կը հաւաքուինք անարդարութեան դէմ կանգնելու եւ պատիւով կեանք մը ապրելու համար»,- կը նշէ Քաւալա։
Ելոյթներէն ետք ներկաները քայլարշաւով մը հեռացան հանրահաւաքի վայրէն։
Դիտել տանք, որ Հրանդ Տինքին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչումներ կատարուեցան նաեւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներու եւ հայաշատ գաղութներու մէջ։
Yerakouyn.com
Leave a Reply