Չաւուշօղլուն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haberler-ը։

Անթալիոյ մէջ՝ մասնակցելով ուսանողներու հետ հանդիպումի մը՝ Չաւուշօղլու խօսած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մասնաւորապէս ըսած է. «Գոյութիւն ունեցող որոշ խնդիրներու կարգաւորման համար պէտք է նախաձեռնող ըլլալ: Բաւարար չէ միայն սեփական շահերը պաշտպանելը: Այսօր, երբ Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չէ, հնարաւոր չէ կայունութիւն Կովկասի մէջ եւ ոչ ալ կարգաւորում Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: 2019-ին այս հարցերուն մէջ աւելի հետեւողական պիտի ըլլանք»։

Չաւուշօղլու, այնուհետեւ, մեղադրած է հայկական լոպպին՝ «սեւ քարոզչութիւն» իրականացնելու մէջ։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ