Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական զարգացման ոլորտի ընդլայնումի մեծ կարելիութիւն կը տեսնէ:
Թրամփ ըսաւ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդին դէմ պայքարին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ 20 մղոն տարածութեամբ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման հարցը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը կանգնի իր կողքին կռուած քիւրտերուն կողքին:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ երկու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցը` աւելցնելով, որ անոնք շեշտած են Մընպեժի վերաբերեալ ճամբու քարտէսը ամբողջացնելու եւ «ամերիկեան ուժերու հեռացումը խանգարել փափաքող տարրերուն առիթ չընծայելու» կարեւորութիւնը:
Էրտողան ողջունած է ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու Թրամփի որոշումը եւ յայտնած, որ Թուրքիան պատրաստակամ է Միացեալ Նահանգներուն «ամէն տեսակի աջակցութիւն» տրամադրելու:
Էրտողան իր կարգին երէկ յայտնեց. «Վստահ եմ, որ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թրամփի հետ պատմական փոխհասկացողութիւն գոյացուցի»: Ան նշեց, որ կ՛ողջունէ Սուրիոյ շուրջ Թրամփի որոշումը, սակայն ատիկա տակաւին գետնի վրայ իր արձագանգը չէ ունեցած:
Էրտողան յայտարարեց, թէ Անգարան պիտի ստանձնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ակնարկած Թուրքիոյ սահմանն ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները իրարմէ անջատելու աւելի քան 30 քիլոմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն իր կարգին յայտնեց, որ Թրամփ Էրտողանի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է «մեր կողքին կռուած քիւրտերուն կողքին կանգնելու հաստատ կեցուածքը»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան տնտեսապէս քանդելու Թրամփի սպառնական խօսքը անմիջապէս սրբագրելը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար: Ան նշեց, որ այդ յայտարարութիւնը «հիւանդագին» է եւ «տգիտութիւն ու անփութութիւն կը բուրէ»:
Leave a Reply