Անգարայի եւ իսլամ ահաբեկիչներու միջեւ կապերու մասին գաղտնի փաստաթուղթեր կը բացայայտուին

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- «Նորտիք Մանիթըր» կայքը հրապարակեց գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն այն պնդումները, թէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը, գաղտնաբար Թուրքիայէն Սուրիա փոխադրած է իսլամ ծայրայեղական զինեալներ եւ զինամթերք:

Կայքը կը նշէ, թէ 4 տարի առաջ տեղի ունեցած գաղտնի գործողութիւն մը բացայայտուած էր, երբ թուրք ոստիկաններ կանչուած էին խուզարկելու համար փոխադրակառքեր, որոնք կ՛օգտագործուէին ահաբեկիչները Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մէկ կէտէ դէպի այլ կէտ փոխադրելու:

Երկու էջերէ բաղկացած եւ այդ օրերուն ՄԻԹի փոխնախագահ, իսկ այժմ՝ Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Հաքքի Մուսայի ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթը կը նշէ. «Սուրիա իսլամ ծայրայեղականներ փոխադրելու տեղեկութիւնը պետական գաղտնիք է, եւ զայն պէտք չէ հրապարակել»:

Ահաբեկիչները Սուրիա փոխադրուած են ՄԻԹի կողմէ վարձուած փոխադրակառքերով, որոնք թրքական Աքճաքալէ սահմանային անցքէն Սուրիա մուտք գործած են առանց խուզարկուելու։

«Նորտիք Մանիթըր»ը կը նշէ, որ այդ հարցով հետաքննութիւն կատարող թուրք ընդհանուր դատախազ Մուսթաֆա Սերլի «անծանօթ պատճառներով պաշտօնազրկուած է», իսկ

Սերլիի պաշտօնին նշանակուած նոր ընդհանուր դատախազ Քոմալի Թուլու անմիջապէս փակած է հետաքննութիւնը՝ ըսելով. «Զայն շարունակելու պատճառ չկայ»:

Այս մասին լուրեր հրապարակած լրագրողներ եւս բանտարկութեան դատապարտուած են։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ