Հայութեան բողոքները ձախողութեան մատնեցին թրքական պատուիրակութեան մը Ֆրեզնօ այցելելու ծրագիրը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պիզնըս Ճըրնըլ».- Ուտեստեղէնի մարզը ներկայացնող թրքական պատուիրակութիւն մը Քալիֆորնիա պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ, նահանգին գործարարներուն հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, ինչպէս նաեւ նահանգին հետ առեւտուրը զարգացնելու կարելիութիւնները քննելու համար։

25 հոգինոց պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ 14 ընկերութիւններ։

Պատուիրակութիւնը 15 յունուարին հանդիպում մը պիտի ունենար Ֆրեզնոյի Առեւտուրի գրասենեակին, Ֆրեզնօ գաւառի տնտեսական զարգացման հաստատութեան եւ Ֆրեզնօ գաւառի հողագործական գրասենեակին ներկայացուցիչներուն հետ։

Այս այցելութեան մասին տեղեկութեան հրապարակումէն ետք շրջանի հայութեան մօտ բարձրացած բողոքի ալիքին մասին պատկան մարմիններուն զեկուցած են Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սեւակ Թաթէոսեան։

Անսալով հայ գաղութի արտայայտած դժգոհութեան, Ֆրեզնոյի Առեւտուրի գրասենեակը, Ֆրեզնօ գաւառի տնտեսական զարգացման հաստատութիւնը, Ֆրեզնօ գաւառի Հողագործական գրասենեակը, պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ Ֆրեզնօն ներկայացնող Անտրէաս Պորկաս միացեալ յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցին, որ նշեալ հանդիպումները ջնջուած են։

Արեւմտեան Միջերկրականի արտադրողներու միութեան անունին տակ գործող թրքական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ծրագրած են նաեւ Լոս Անճելըսի (17 Յունուար) եւ Սան Ֆրանսիսքոյի (14 Յունուար) մէջ։

Պատուիրակութեան այցելութիւնը համակարգուած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան կողմէ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ