Չաւուշօղլու. «Թուրքիան քիւրտ զինեալներուն դէմ իր գործողութիւնը պիտի գործադրէ, եթէ Ուաշինկթըն Սուրիայէն իր ուժերու հեռացումը ձգձգէ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ իր երկիրը քիւրտ զինեալներուն դէմ իր զինուորական գործողութիւնը պիտի գործադրէ, եթէ Ուաշինկթըն ձգձգէ Սուրիայէն իր ուժերու հեռացումը:

Ան նշեց, որ Թուրքիան կրնայ Իտլիպի մէջ ո՛չ միայն Ռուսիոյ, այլեւ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ զինուորական միացեալ գործողութիւն կատարել:

Չաւուշօղլու շեշտեց, որ ահաբեկիչներուն պէտք չէ արտօնել լեցնելու այն բացը, որ պիտի գոյանայ ամերիկեան ուժերու հեռացման պատճառով:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Գոյութիւն ունին ամերիկեան ապահովական կողմեր, որոնք կը փորձեն Սուրիայէն հեռացման խանգարման պատրուակներ ստեղծել»:

«Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ մեր գործողութիւնը Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման հետ կապ չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիան քիւրտ զինեալներուն դէմ իր գործողութիւնը պիտի կատարէ ամերիկեան ուժերը հեռանան, թէ ոչ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «Մենք կրնանք համաձայնութեան գալ «Փաթրիոթ»-ի գնման հարցին մէջ, սակայն եթէ «Էս-400»-ի հարցին մէջ պարտադրանք ըլլայ, ատիկա պիտի չըլլայ»` աւելցնելով, որ Թուրքիան արդէն ռուսական կողմին հետ համաձայնագիր կնքած է, եւ իրենք չեն կրնար զայն խախտել:

«Մենք Ռուսիոյ հետ մեր կնքած համաձայնագիրը արդարացնելու խնդիր չունինք: Մենք այժմ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի կարիք ունինք: Հետագային կրնանք նաեւ «Փաթրիոթ» գնել: Թուրքիան այլեւս պարտադրանքներ չընդունող երկիր է: Արդէն կայ կնքուած համաձայնութիւն, մենք մեր տուած խօսքը երբեք չենք դրժեր», ըսած է Չաւուշօղլու` յիշեցնելով, որ ՕԹԱՆ-ի կանոնակարգը չ՛արգիլեր կառոյցի անդամ երկիրին գնել իր ուզած հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը:

Փոմփէօ. «Թրամփի Կեցուածքը Յստակ ԷրԵւ Ամերիկեան ՈւժերըՍուրիայէն Հեռացնելու Անոր Որոշումը Պիտի Գործադրուի»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր եգիպտացի պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ Գահիրէի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Շուքրիի հետ քննարկած է Իրանի եւ ահաբեկչութեան ոլորտին մէջ անոր գործունէութեան դիմակայման ջանքերը, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ բաց երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց. «Սուրիայէն հեռացման վերաբերեալ ամերիկեան կեցուածքին մէջ բացարձակապէս հակասութիւն չկայ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կեցուածքը յստակ է, եւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու անոր որոշումը պիտի գործադրուի»:

Փոմփէօ նշեց, որ ամերիկեան ուժերու հեռացումէն առաջ ամերիկեան վարչակազմին համար կարեւոր է վստահ ըլլալ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քիւրտ զինեալներու հետագայ ապահովութեան հարցին մէջ, որուն շուրջ իրենք քննարկումներ կատարած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

«Էրտողան այդ հարցին մէջ որոշակի յանձնառութիւններ ստանձնած է: Սուրիայէն դուրս գալէն ետք պէտք է կարենանք ընել ամէն ինչ, որ այնտեղ մեզի հետ պատերազմած քիւրտերը ապահով ըլլան: Էրտողանն ալ ատիկա կը հասկնայ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան ֆրանսական «Սէ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ողջունեց «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սուրիայէն հեռանալու կեցուածքին բացայայտ փոփոխութիւնը: Անցեալ դեկտեմբերին Սուրիայէն 2000 ամերիկացի զինուոր հեռացնելու մասին հապճէպօրէն յայտարարելէն ետք Թրամփ ընդգծեց, որ այդ հեռացումը տեղի պիտի ունենայ կացութեան յարմար ձեւով»:

«Թրամփ այսօր կը յայտարարէ, թէ հեռացումը տեղի պիտի ունենայ դանդաղօրէն, ինչ որ հաւանաբար արդիւնք է անոր վրայ գործադրուած ճնշումներու, ներառեալ` ֆրանսական ճնշումը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անոր հետ բազմաթիւ անգամներ խօսեցաւ, եւ կը թուի, թէ Թրամփ կ՛ուղղուի կեցուածքը փոխելու քայլին, ինչ որ դրական կը նկատեմ», ըսաւ ան:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Ֆրանսան Սուրիայէն իր ուժերը պիտի հեռացնէ, երբ այդ երկրին մէջ քաղաքական լուծում գոյանայ: Մենք Իրաքի մէջ ներկայ ենք, եւ ամերիկացիներուն կողքին համեստ թիւով ներկայ ենք Սուրիոյ մէջ»:

Միւս կողմէ, ամերիկացի ծերակուտական Լինտսի Կրահամ նշեց, որ կը հասկնայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործունէութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտավախութիւնը:

Ան յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան գործողութիւններուն վերաբերեալ Թուրքիոյ մտավախութիւնները փարատելու միջոց մը գտնել:

http://www.aztagdaily.com/archives/422813 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ