
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ակօս», «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ թիւ 301րդ յօդուածը անգամ մը եւս գործադրութեան կը դրուի։
Այս անգամ թիրախը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանն է:
Արդարեւ, վերջերս, Տիգրանակերտի դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է Կարօ Փայլանի դէմ, անոր կողմէ անցեալ տարի կատարուած կարգ մը յայտարարութիւններուն վերաբերեալ եւ անոնց միջոցաւ կառավարութիւնը «անարգելու» պատճառաբանութեամբ:
301րդ յօդուածով հարցաքննութիւն կատարելու համար պայման է ունենալ արդարադատութեան նախարարի արտօնութիւնը:
Այդ պատճառով, Տիգրանակերտի դատախազը այս մասին դիմում կատարած է նախարարութեան, եւ նախարարութիւնը արտօնած է դատ բանալ, ամբաստանութեան մէջ բաւարար հիմքեր տեսնելով։
Այժմ դատախազը կը պատրաստուի Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլել, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր դէմ դատը սկսիլ:
Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Կարօ Փայլան «գայթակղութիւն» որակեց կատարուածը, որովհետեւ իրեն դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները կը վերաբերին այնպիսի արարքներու, որոնք սահմանուած են պատգամաւորի մը համար սահմանուած պարտականութիւններով:
«Շատ բնական է պատգամաւորի մը իր ընտրատարածքին մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպումներ ունենալը, անոնց խնդիրները լսելը, ապա անոնց մասին ելոյթ ունենալը: Հոս 301րդ յօդուածը կը շահագործուի ընդդիմադիրները լռեցնելու նպատակով: Նման քայլեր անընդունելի են քաղաքականութեան մէջ», աւելցուց Փայլան։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը պատիժներ կը սահմանէ Թուրքիոյ պետականութիւնը, թուրք ժողովուրդը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ նախագահը հրապարակայնօրէն վարկաբեկողներուն դէմ եւ տասնամեակներէ ի վեր կը շահագործուի լռութեան մատնելու համար այլախոհները։ 301րդ յօդուածի զոհերէն մէկն էր թուրք ազգայնամոլի մը կողմէ սպաննուած «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինք։
Asbarez.com




Leave a Reply