Յիշատակումներ՝ ձօնուած Հրանդ Տինքի տարելիցին

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս պոլսահայ նահատակ հերոս Հրանդ Տինք զանազան միջոցառումներով պիտի յիշատակուի իր նահատակութեան 12րդ տարելիցին առթիւ:

Կիրակի, 20 յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին տեղի պիտի ունենայ Հոգեհանգստեան պաշտօն, Հրանդ Տինքի եւ Սարգիս Հացպանեանի հոգիներուն համար, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640):

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306) պիտի նշուի Հրանդ Տինքին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյ մը, որուն ընթացքին Պոլիսէն ժամանած դասախօս, ճարտարապետ եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի պատմական բաժինի լրագրող Զաքարեա Միլտանօղլու, նաեւ Պերլինէն ժամանած պոլսահայ գրող եւ թղթակից Հայկօ Պաղտատ, որոնք պիտի ունենան դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ «Հրանդ Տինք ազատութեան եւ արդարութեան» մետալի շնորհում Զաքարեա Միլտանօղլուի:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ