Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայկական հեռուստաալիք պիտի հեռարձակուի

Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հեռարձակուի հայկական հեռուստաալիք, որ «Լոյս» թերթի համանուն կայանն է: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը հաղորդէ Demokrathaber-ը։
«Լոյս TV»-ն առաջին ուղիղ եթերը հեռարձակած է յունուար 6-ին, Պոլսոյ Սբ. Վարդանանց եւ Գում Գափու թաղամասի Սբ. Մարիամ եկեղեցիներէն, երբ Հայ առաքելական Սբ. Եկեղեցին կը տօնէր Քրիստոսի ծնունդը:

«Լոյս TV»-ի եւ «Լոյս» լրատուական խորհուրդի անդամ Յարութիւն Քուրալ ըսած է, թէ ծննդեան տօնին հետ միասին ծնած է նաեւ «Լոյս TV»-ն:

Հեռուստալիքը պաշտօնապէս պիտի սկսի հեռարձակուիլ մէկ ամսուան ընթացքին:

Յարութիւն Քուրալի խօսքով` այսուհետեւ հայերէն եւ թրքերէն բարձր որակի (HD) հեռարձակումներ պիտի ապահովուի:

«Ասիկա հօրս` 35 տարուան լրագրող Արամ Քուրալի նախագիծն էր: Անոր կարծիքով` հայկական հեռուստաալիքը անհրաժեշտ է հայ համայնքին համար եւ մենք այս երազանքը իրագործեցինք»,- նշած է Յարութիւն Քուրալ:

«Լոյս TV»-ն օրուան ընթացքին 3 անգամ հայերէն եւ թրքերէն լուրեր պիտի թողարկէ ժամը 08:00-ին, 12:00-ին եւ 19:00-ին, որոնց կարելի է հետեւիլ նաեւ բջիջային հեռախօսներու եւ պլանշէթներու միջոցով:

«Ընդհանուր լուրերէն բացի նաեւ պիտի ըլլան հայ համայնքը հետաքրքրող լուրեր, ինչպէս նաեւ արուեստի, մշակոյթի, մարմնամարզութեան, առողջապահութեան, տնտեսութեան ու քաղաքականութեան վերաբերող հաղորդումներ: Կը նախատեսուին ուղիղ միացումով բանավէճային ծրագիրներ, ինչպէս հայ համայնքի համար կարեւոր եւ տօնական օրերուն յատուկ եթերներ»,- տեղեկացուցած է Քուրալ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ