Համատարած կողոպուտի նոր օրինակ մը եւս

Պիթլիսի Ատիլճեւազ գաւառի պատմական եկեղեցւոյ սրբատաշ քարերը դարձեալ երեւան ելած են։ Այս մասին թերթիս տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ինքն ալ այդ գիւղէն ծագում ունեցող ակադէմական Սետաթ Ուլուկանա։

Իր վկայութիւններով եկեղեցին շատ երկար տարիներ լքուած վիճակի մէջ մնացած է։ 1950-ական թուականներուն եկեղեցին բոլորովին քանդուած եւ սրբատաշ սպիտակ քարերը օգտագործուած են գիւղի դպրոցի շինութեան համար։ Վերջերս այդ դպրոցին ալ փլելով քարերը դարձեալ երեւան ելած են։

Այստեղ ուշագրաւ է, որ քարերու վրայ կայ շատ գեղեցիկ փորագրութիւններ։ Դարձեալ ականատեսի վկայութեամբ եկեղեցիէ աւելի վանքի մը տարողութիւնը ունեցող շինութիւնը նաեւ ունէր ընդարձակ մրգաստան։ Տեղացիներու վկայութեամբ այդ մրգաստանը եւս քանդուած է գանձախոյզներու ձեռքով։ Այսօր քարերուն մէկ մասին կարելի է հանդիպիլ նաեւ գիւղի բնակարաններուն մէջ։

Ուլուկանա կը յայտնէ, թէ ինք բազում անգամներ դիմած է իշխանութիւններուն այդ քարերը պահպանելու համար։ Սակայն իր դիմումները երբեք արձագանգ չեն գտած։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/21786/hamadaradz-gvoghvobudi-nvor-orinag-mi-evs 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ