Թուրքիոյ նախագահը յայտնուած է «Guardian»-ի միահեծան առաջնորդներու ցանկին վրայ

Բրիտանական «Guardian» պարբերականի` «2018-ը` միահեծաններու տարի» վերնագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վերջինս ընդգրկած միահեծան առաջնորդներու ցանկին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Diken-ը։

Պարբերականը գրած է, որ 2018-ը այնպիսի տարի էր, որ իշխանութիւն ունեցողները իրենց ձեռնարկած գործողութիւններով վտանգած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր:

«Guardian»-ը հետեւեալ կերպով բնութագրած է Թուրքիոյ ղեկավարը.

«Նախագահական համակարգի անցման համար ճանապարհ հարթեց եւ յաւելեալ ուժ ձեռք բերաւ»:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասին կը նշուի, որ սեփական շահերու համար վտանգած է ժողովրդավարութիւնը, շրջակայ միջավայրը եւ մարդու իրաւունքները:

Բացի Թրամփէն եւ Էրտողանէն «միահեծան» առաջնորդներու ցանկին վրայ յայտնուած են Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի, Վենեզուելլայի, Ֆիլիփիններու, Հիւսիսային Քորիայի նախագահներու, Եգիպտոսի վարչապետի եւ Սէուտական Արաբիոյ արքայազնի անունները:

 Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ