Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի նոյնպէս, յիշատակելի ուխտագնացութեամբ մը պիտի մեկնինք դէպի՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Արեւմտեան Հայաստան:
Այս իւրայատուկ ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ 14 օր, պիտի ներառնէ հիւրանոցները, օրական երեք անգամ ճաշ եւ անշուշտ բազմաթիւ քաղաքներու եւ տեսարժան վայրերու այցելութիւնները:
Պիտի մեկնինք Յունիս 21ին դէպի Հայաստան, Երեւան մայրաքաղաք (երկու օր): Ապա Խոր Վիրապ, Նորավանք, Տաթեւ, Գորիս, Խնձորեսկ եւ Շուշի: Պիտի այցելենք նաեւ Արցախ՝ Գանձասար, Տիգրանակերտ, Ասկերան եւ Ստեփանակերտ, ապա, վերադարձի ճամբուն վրայ Դադիվանք, Նորատուս, Սեւան, Դիլիջան:
Պիտի այցելենք նաեւ Սանահին, Միկոյեան եղբայրներու թանգարան, Հաղբատ, Ախթալա, Ալավերտի, Գիւմրի, Մարմաշէն, Անի, Կարս, Բերկրի, Վան, Պայազիտ, Իգդիր, Երեւան, Գառնի, Գեղարդ, Ծիծեռնակաբերդ, Էջմիածին, Սարդարապատ, Զուարթնոց:
Այս ուխտագնացութիւնը պիտի ոգեւորէ մեր երիտասարդները, որոնցմէ շատեր առաջին անգամն ըլլալով պիտի այցելեն նշեալ վայրերը, ազգային նոր շաղկապում մը ստեղծելով Սփիւռքի եւ ՀՀ հայ երիտասարդութեան միջեւ:
Տեղերը սահմանափակ են: Արձանագրութեան համար դիմել Մաշտոց Գոլէճ հետեւեալ համարով (818) 523-3353
Կանխավճառ՝ 500 տոլար: Արձանագրութեան վերջին ժամկէտ՝ Յունուար 31, 2019:
ՄԱՇՏՈՑ ԳՈԼԷՃ
Asbarez.com
Leave a Reply