Սայաթ Նովայի մասին ֆիլմ պիտի նկարահանուի Հոլիւուտի մէջ

Հոլիւուտի մէջ Սայաթ Նովայի մասին պատմող նոր ֆիլմ պիտի նկարահանուի: Գաղափարը կեանքի կոչելու համար աշխատանքներ կը տանի դերասան Յովհաննէս Բաբախանեանը:

Այս մասին ան խօսած է Լոս Սնճելըսի Amga.tv հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

Բաբախանեան նշած է, որ ֆիլմի ծանուցման տեսանիւթը արդեն նկարահանուած է եւ այժմ ֆիլմի ամբողջական տարբերակի նկարահանման համար հովանաւոր կը փնտռուի: Ի տարբերութիւն նախորդ ֆիլմերուն, այս ֆիլմին մէջ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեսնելու աշուղի ընտանիքը, կինը եւ չորս երեխաներու մասին պատմող պատմութիւնները:

Սենարը գրուած է Սայաթ Նովայի ամենայայտնի ժամանակակից հետազօտող Ասլան Ասլանեանի աշխատանքի հիման վրայ: Աշուղին դերակատարը պիտի ըլլայ Բաբախանեանը:  Սայաթ Նովան պիտի ներկայացուի որպէս յառաջացած տարիքի մարդ,  որուն կեանքը կը պատկերուի վերջինիս սեփական յիշողութիւններու արդիւնքով:

Յիշեցնենք, որ Սայաթ Նովայի մասին պատմող առաջին ֆիլմը նկարահանուած է 1960-ին: Կիմ Արզումանեանի սեւ ու սպիտակ ֆիլմը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ժամանակակիցներու պատկերացումներուն մէջ 18-րդ դարու հայութեան կեանքի նկարագրի տեսանկիւնէ:

Yerakouyn.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ