Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց. «Թուրքիան կը գտնուի կացութեան մը մէջ, որ անոր կարողութիւնը կու տայ ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանը կառավարելու»:
«Թուրքիան այն երկիրն է, որ Միջին Արեւելքին խաղաղութիւն պիտի բերէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պիտի չհաստատուի Ամերիկայի կամ Ռուսիոյ ձեռամբ, այլ` Թուրքիոյ: Ան միակ երկիրն է, որ կարողութիւնը ունի այդտեղի արիւնահեղութեան վերջ տալու»:
«Թուրքերը պէտք է դուրս գան կուսակցական դասական հասկացողութենէն եւ գործակցին յանուն Թուրքիոյ եւ շրջանի ապագային: Անոնք ինքնութեան, կրօնական հաւատքի կամ ապրելաոճի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն պէտք է վարեն», նշեց ան:
Մինչ այդ, թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր սեփական աղբիւրին, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու որոշումը տալէն առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաւաստած է, որ Թուրքիան կարող է եւ պատրաստ պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, ինչպէս ատիկա կատարած է 2016-ին «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան ընթացքին: Ան պնդած է, թէ Սուրիոյ հիւսիսը Ուաշինկթընի դաշնակից քիւրտ զինեալները, որոնց հետ Միացեալ Նահանգներ կը համագործակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ, իրականութեան մէջ ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի անուան տակ կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը:
«Հիւրրիեթ» կը նշէ, որ Անգարա ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէն դուրս բերման որոշումէն տեղեակ եղած է 17 դեկտեմբերին:
Թրամփ իր կարգին Էրտողանին խոստացած է, որ Քոնկրեսը պիտի չխոչընդոտէ ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային հրթիռներու վաճառքը Թուրքիոյ: Ան նաեւ իր թուրք պաշտօնակիցին խոստացած է, որ այժմ որեւէ արգելք պիտի չըլլայ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչները Թուրքիոյ մատակարարելու հարցին մէջ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ խօսելով ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն դուրս բերման մասին յայտնեց. «Դաշնակիցը պէտք է վստահելի ըլլայ»:
Յայտնենք, որ Թրամփ եւ Էրտողան համաձայնեցան համագործակցիլ զինուորական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ` չարտօնելու համար Սուրիոյ մէջ իշխանութեան որեւէ դատարկութիւն, որ կրնայ շահագործուիլ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման իբրեւ հետեւանք:
Leave a Reply