«Թրամփ Էրտողանին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն կ՛աշխատի Կիւլենը Անգարային յանձնելու շուրջ» կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն այժմ կ՛աշխատի Էրտողանի մոլի ընդդիմախօս Ֆեթհուլլա Կիւլենը Անգարային յանձնելու շուրջ»:

Ըստ Չաւուշօղլուի, Թրամփ այս մասին յայտնած է Արժանթինի մէջ դեկտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի ժողովի ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ նոյեմբերին յայտարարած էր, թէ Կիւլենը արտայանձնելու հարցը չի քննարկուիր:

Չաւուշօղլու «Տոհայի համախմբում 18»-ի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ յայտնեց. «Եթէ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական ու ազնիւ ընտրութիւններ տեղի ունենան, եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յաղթանակ արձանագրէ, ապա բոլորը պէտք է անոր հետ աշխատելու մասին մտածեն»:

«Այժմ առաջնահերթութիւնը երկրին համար սահմանադրութիւն մը կազմելն է, եւ պէտք է իրենք (սուրիացիները, «Ա.») կազմեն սահմանադրութեան նախագիծը», ըսաւ ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Սէուտական իշխանութիւնները առին լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ մեր մօտ գտնուող տեղեկութիւնները եւ իրենց կողմէ ոչինչ բացայայտեցին»:

«Սէուտցիները տեղացի մեղսակիցի մը մասին խօսեցան, սակայն անոր ինքնութիւնը չբացայայտեցին», ըսաւ Չաւուշօղլու:

http://www.aztagdaily.com/archives/420240 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ