Անգլիոյ Տարպի քաղաքը դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Անգլիոյ առաջին քաղաքը

ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Անգլիոյ Տարպի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկելով՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դառնալով պատմական այդ իրողութիւնը ընդունող Անգլիոյ առաջին քաղաքը։

Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդին եւ մասնաւորաբար Ռասըլ Փոլարտին, որ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր այս իրագործումին մէջ։

Թուրքիա, իր կարգին, ճնշում բանեցուցած էր քաղաքապետական խորհուրդին եւ քաղաքապետին վրայ, բանաձեւը ձախողութեան մատելու նպատակով, սակայն ձախողած էր։

Անգլիոյ Տարպի քաղաքը մօտաւորապէս 250,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է, որ հետաքրքրականօրէն հայ համայնք չունի։

Նշենք, որ Փոլարտ հրէական Ողջակիզման յիշատակութեան կազմակերպութեան մը գործօն անդամներէն մէկն է։ Ան իր ջանքերուն մասին հետեւեալը գրած է. «2015էն ի վեր մաս կը կազմեմ կամաւորներու խմբակի մը, որ աշխատանք կը տանի, որ ճանաչուին հրէական Ողջակիզման եւ անկէ առաջ կամ ետք կատարուած ցեղասպանութիւնները»։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ