«Էրտողանը պալատի մէջ կ’ապրի, իսկ միտքը՝ բանտի». Փերուին Պուլտան

Թուրքիոյ քրտամէտԺողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) համանախագահ Փերուին Պուլտանը մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը՝ բանտի մէջ գտնուող քրտամէտ կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշի վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber-ը։

Էրտողան ըսած էր, որ Թուրքիան պիտի չբաւարարէ Տէմիրթաշի կալանքը վերացնելու մասին Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) պահանջը:

«Էրտողանը կ՝ապրի պալատի մէջ, բայց անոր միտքը Էտիրնէի բանտին մէջ է։ (Այնտեղ կալանաւորուած է Տէմիրթաշը-խմբ)։ Անհրաժեշտ է, որ Տէմիրթաշը ազատ արձակուի։ ՄԻԵԴ-ի որոշումը պէտք է նախադէպ դառնայ, որ մեր միւս ընկերները նոյնպէս յայտնուին ազատութեան մէջ։ Բայց թրքական դատարանը իշխանութեան հրահանգով չ՝իրագործեր եւրոդատարանի պահանջը»,- ըսած է Պուլտանը։

Յիշեցնենք, որ Սելահէտտին Տէմիրթաշը շուրջ երկու տարի է անազատութեան մէջ է: Ան, կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկէն Իւքսեքտաղը եւ խորհրդարանի 9 ԺԴԿ պատգամաւոր ձերբակալուած էին «յանցախումբ ստեղծելու», «ահաբեկչական խմբաւորման յարելու», «ահաբեկչութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու» մեղադրանքներով:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ