Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կրկին պիտի հանդիպին՝ քննարկելու Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր յանգուցալուծման ճանապարհները:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Ռուսիոյ նախագահականի խօսնակ Տմիթրի Փէսքով յայտնած է, որ Մոսկուան արդէն իր համաձայնութիւնը տուած է մասնակցելու 4 երկիրներու ղեկավարներու ձեւաչափով տեղի ունենալիք 2-րդ գագաթնաժողովին:
Փէսքով ըսած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ 2-րդ գագաթնաժողովը նոյնպէս պիտի անցնի Սթամպուլի մէջ, քանի որ անոր մտայղացման հեղինակը Էրտողանն է:
Կը նշուի, որ հանդիպման մասնակցելու պատրաստակամութիւնը հաստատած է նաեւ գերմանական կողմը:
Յիշեցնենք, որ նախորդ գագաթնաժողովն իրականացած էր Հոկտեմբեր 27-ին, Սթամպուլի մէջ:
Գագաթնաժողովին քննարկուած էին սուրիական հակամարտութեան վերաբերող բոլոր ոլորտները, ներառեալ` ներկայ իրավիճակը, Իտլիպի շուրջ համաձայնութիւնն ու քաղաքական գործընթացները, ինչպէս նաեւ յստակացնել հակամարտութեան մշտական լուծման ուղղուած համատեղ շահերը:
Երկիրներու ղեկավարները վերահաստատած էին Սուրիոյ պատերազմը աւարտելու հարցը ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ ընթացող քաղաքական բանակցութիւններով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները համատեղ յայտարարութեամբ տեղեկացուցած էին, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի ստեղծուի յատուկ կոմիտէ, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Սուրիոյ ապագայ սահմանադրութիւնը կազմելը:
Կը նախատեսուի, որ այդպիսով հիմք պիտի ստեղծուի Սուրիոյ մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ իրականացնելու համար:
Yerakouyn.com
Leave a Reply