Թուրքիոյ մէջ՝ համակեցութեան նպաստող ծրագիր

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Յոյն համայնքի վաքըֆներու զօրակցութեան միութիւնը, որ 2011ին Եւրոպական Միութեան զօրակցութեամբ «Փոքրամասնական հայրենակիցներ. հաւասար հայրենակիցներ» խորագիրով ծրագիր մը իրականացուցած էր, դարձեալ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչէ երկրորդ ծրագիր մը, որ կը կրէ «Անցեալի հեռաւորութիւնները չքացնել. միասնաբար հասարակաց ապագայ մը կերտել» խորագիրը։

Ծրագիրին զօրակցութիւն կը բերեն նաեւ հայկական, ասորական եւ փոքրամասնական այլ միութիւններ։

Այս ծրագիրի գործադրութեան նպատակն է համալսարանական տարիք ունեցող երիտասարդներուն եւ ակադեմականներուն ցոյց տալ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող մշակոյթներու բազմազանութիւնը, սխալ հասկացողութիւնները եւ ատելավառ զգացումները ջնջել անոնց միտքերէն, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու պատմութեան, մշակոյթին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել եւ անոնց հետ համակեցութեան եւ մշակութային երկխօսութեան նպաստել։ Ծրագիրը մեկնակէտ ունենալով Պոլիս քաղաքը՝ հասած է Իզմիր, Իմրոզ, Անգարա, Էսքիշեհիր, Կեսարիա, Այնթապ, Հաթայ, Սամսուն, Վան եւ Մարտին։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ