Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան անմխիթար վիճակին, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը:
Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, թէ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ինք քննադատեց իշխանամէտ թերթերը եւ ամօթալի նկատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը միայն գովաբանող անոնց անձնակազմին գործունէութիւնը, նոյն ժամանակ նախագահը «սուլթան» որակելով։
«Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գործող մամուլը ունի երկու ճամբայ՝ կամ պէտք է գովաբանէ սուլթանը, կամ ըլլայ ազատ: Ազատ մամուլ ըլլալը ունի իր գինը եւ դժուարութիւնները, որոնցմէ են՝ բռնաճնշումները, գովազդներու լուրջ սահմանափակումը եւ ձերբակալութիւնները», ըսած է Փայլան:
Փայլան նշած է, թէ որեւէ ուժ, որ չ՛ենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ կը գործէ:
«Իշխանութիւնները կը փափաքին, որ մարդիկ թերթ չկարդան, չքննադատեն, հարցումներ չտան, սակայն ատիկա, նախ եւ առաջ վնասակար է Էրտողանի համար, որովհետեւ որեւէ ուժ, որ չենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ պիտի գործէ», յստակացուցած է Փայլան:
Yerakouyn.com
Leave a Reply