Կարօ Փայլան կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան ոտնակոխումները

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան անմխիթար վիճակին, կը հաղորդէԱրմենփրես”-ը:

Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, թէ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ինք քննադատեց իշխանամէտ թերթերը եւ ամօթալի նկատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը միայն գովաբանող անոնց անձնակազմին գործունէութիւնը, նոյն ժամանակ նախագահը «սուլթան» որակելով։

«Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գործող մամուլը ունի երկու ճամբայ՝ կամ պէտք է գովաբանէ սուլթանը, կամ ըլլայ ազատ: Ազատ մամուլ ըլլալը ունի իր գինը եւ դժուարութիւնները, որոնցմէ են՝ բռնաճնշումները, գովազդներու լուրջ սահմանափակումը եւ ձերբակալութիւնները», ըսած է Փայլան:

Փայլան նշած է, թէ որեւէ ուժ, որ չ՛ենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ կը գործէ:

«Իշխանութիւնները կը փափաքին, որ մարդիկ թերթ չկարդան, չքննադատեն, հարցումներ չտան, սակայն ատիկա, նախ եւ առաջ վնասակար է Էրտողանի համար, որովհետեւ որեւէ ուժ, որ չենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ պիտի գործէ», յստակացուցած է Փայլան:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ