«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը»․ ցուցադրութիւն՝ Շուէտի խորհրդարանէն ներս

Շուէտի խորհրդարանին մէջ, նոյեմբեր 27-ինբացուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը» վերնագիրով ցուցադրութիւն:

Ըստ Yerkirmedia-ի՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը պատրաստուած էր դեռ 2011-ին, «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամին կողմէ, այնուհետեւ տրամադրուած էր Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութեան:

Ռիքստակի մէջ բացուած ցուցադրութիւնը նուիրուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատւութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման 70-ամեակին: Ցուցադրութեան բացման ներկայ եղած են խորհրդարանականներ, դեսպաններ, Սթոքհոլմի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ շուէտական հասարակական գործիչներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ դեկտեմբեր 20:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ