Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդը նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարած իր նիստէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ պիտի օգտագործեն «ինքնապաշտպանութեան իրենց իրաւունքը»` անպատասխան չձգելով քիւրտ զինեալներու կողմէ որեւէ գործողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն եւ անոնց կալուածներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով Թուրքիան վճռականօրէն պիտի շարունակէ պայքարը քրտական զինեալ ջոկատներու դէմ, որոնք կը նկատէ նաեւ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման մեծագոյն սպառնալիքները:
Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդը նշած է, որ թրքական զինեալ ուժերը նաեւ պիտի շարունակեն Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ քիւրտ զինեալներու դիրքերը ոչնչացնելու իրենց գործողութիւնները:
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու որոշ երկիրներու նախաձեռնած «յատուկ նախագիծ» ըլլալն ու նշուած է, որ բոլորին կողմէ զանոնք ահաբեկչական խմբաւորում չճանչնալը մեծ վնաս կը հասցնէ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային ընդհանուր պայքարին:
Նախքան այդ, Էրտողան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած էր Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցելէ դադրելու, այլապէս թրքական բանակը «պէտք եղածը պիտի ընէ»:
Ան շեշտած էր, որ քրտական ջոկատները, որոնց Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ, իրականութեան մէջ ունին մէկ թիրախ` Թուրքիան:
«Ասիկա լաւ առիթ է անոնց համար, որոնք պարբերաբար կը կրկնեն, թէ մեր դաշնակիցն են: Եթէ Միացեալ Նահանգներ մէկ կողմ քաշուին մեր երկիրը թիրախաւորող ահաբեկիչներու թիկունքէն, մենք պիտի հասկնանք, որ անոնք իբրեւ դաշնակից Թուրքիոյ կողքին են: Հակառակ պարագային, մենք պէտք եղածը պիտի ընենք», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը` նշելով, որ այդ հարցին շուրջ անպայման պէտք է քննարկումներ ունենայ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ժամանակ:
Ինչ կը վերաբերի ՏԱՀԵՇ-ին, Էրտողան յայտարարած էր, որ անիկա աշխարհը վախի մէջ պահելու համար արհեստականօրէն ստեղծուած «նախագիծ» էր, իսկ Թուրքիան միակ երկիրն է, որ իրապէս պայքարած է ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն դէմ եւ «անոնց վերջ տուած»:
Աւելի՛ն, ան յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիան մտադրէ, ապա ընդամէնը քանի մը ամսուան մէջ կրնայ ոչնչացնել Սուրիոյ տարածքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բոլոր մնացորդները:
Leave a Reply