Արժանթինահայերը Էրտողանի դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած են

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մեկնած է Արժանթին` մասնակցելու Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովին:

Վկայակոչելով Euronews-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ Պուէնոս Այրէսի մէջ, արժանթինահայերը էրտողանի այցին դէմ կազմակերպած են բողոքի ցոյց մը: Ցուցարարները յիշեցուցած են, որ Թուրքիոյ մէջ կ՝ոտնահարուին մարդու իրաւունքերը։ Անոնք ընդգծած են, որ Թուրքիոյ մէջ շարք մը իրաւապաշտպաններ, աքթիւիստներ, քաղաքական գործիչներ այժմ կը գտնուին բանտերու մէջ։

Յիշեցուցած են, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին բանտարկուած է քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սէլահէտտն Տէմիրթաշը:

Ցուցարարները դատապարտած են նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով։

Գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ Էրտողանը Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ շարք մը այլ նախագահներու հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակը։ Կը նշուի, որ Էրտողանը պիտի խօսի Սուրիոյ քրտական ուժերուն մասին եւս։ Ան պիտի ընդգծէ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ պայքար մղել քիւրտ զինեալներու դէմ՝ զանոնք համարելով ահաբեկիչներ:

 Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ