Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործարարին հետաքննութիւնը

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործարար Օսման Քաւալայի նկատմամբ ընթացող հետաքննութեան ծիրէն ներս ոստիկանատուն տարած է նոր մարդիկ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Քաւալան Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է 2017-ի դեկտեմբերին։ Ան կը մեղադրուի 2016-ի ռազմական յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մէջ։

Գործին ծիրէն ներս ոստիկանատուն տարուած է 10 մարդ, որոնց մէջ՝ 2 փրոֆէսըր։ Մնացեալը «Anadolu Kültür» կազմակերպութեան աշխատակիցներ են, որոնք աշխատած են Քաւալայի ենթակայութեան ներքոյ:

Ոստիկանատուն տարուածները կը մեղադրուին Քաւալայի հետ կապեր ունենալու, ինչպէս նաեւ Սթամպուլի Կեզի զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու կազմակերպման ներգրաւուած ըլլալու մէջ (Սթամպուլի Կեզի զբօսայգիի պահպանութեան համար սկսած էին զանգուածային ցոյցեր, որոնք վերածուեցան հակակառավարական բողոքի մեծ ալիքի)։

Թեմային շուրջ, Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է նաեւ Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։

«Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը, ահաբեկելով խորհրդարանը, կը շարունակէ խռովութիւնը։ Օսման Քաւալայի գործընկերները եւ մեր ուսուցիչներ Թուրկութ Թարհանլըն եւ Պեթուլ Թանպայը ոստիկանատուն տարուած են։ Թուրքիոյ հասարակական համերաշխութեան համար ամենամեծ սպառնալիքը ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն է»,- գրած է Փայլան։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ