Փայլան կը խօսի հայ-թրքական սահմանին բացման մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ 2019 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ ՀայաստանԹուրքիա սահմանի փակ մնալուն հարցին:

«Եթէ սահմանը բացուի, յարաբերութիւնները պիտի զարգանան, մարդիկ աւելի մեծ թիւով պիտի երթան եւ գան, ու եթէ հարցեր ունինք, աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենանք լուծել զանոնք: Այս պատճառով, կը կարծենք, որ սահմանները բանալու նոր գործընթաց սկսելու անհրաժեշտութիւն կայ», ըսաւ Փայլան:

Իր ելոյթին մէջ Փայլան անդրադարձաւ նաեւ երկրի ներքին ընկերային հարցերուն՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կը բազմանայ աղքատութիւնը, իսկ մարդոց գնելու կարողականութիւնը կը նուազի:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ