Տինքի կեանքին նուիրուած ֆրանսերէն վէպը՝ մրցանակակիր

Ֆրանսացի վիպագիր Վալերի Մանթօ Ֆրանսայի նշանաւոր «Ռընոտօ» գրական մրցանակին արժանացաւ իր «Լը Սիյոն» («Ակօսը») վէպով, կը հաղորդէՄարմարա”-ն։

Յատկանշական է, որ հեղինակին երկրորդը հանդիսացող այս վէպը կը պատմէ թուրք ազգայնամոլի մը ահաբեկչութեան զոհ գացած պոլսահայ խմբագիր Հրանդ Տինքի կեանքն ու մամուլի աշխատանքը։

Վալերի Մանթօ պարգեւը ստանալուն առիթով՝ խօսեցաւ եւ պատմեց, թէ մեծ հիացում ունի Հրանդ Տինքի եւ անոր քաղաքական տեսութիւններուն նկատմամբ ու վէպին գաղափարը ծագած է, երբ սկսած է առաւել խոր կերպով ուսումնասիրելու անոր կեանքը

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ