Թուրք զինուորները Աֆրինէն աւարով վերադարձան. քիւրտ քաղաքական ղեկավար

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ժողովին ընթացքին, կուսակցութեան համանախագահներէն Սեզայի Թեմելլի անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ տեղւոյն քրտական ուժերուն դէմ իրականացած ռազմական գործողութեան։

Ան նշեց, որ Աֆրինի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին թուրք զինուորները թալանած են շրջանը եւ Աֆրին վերադարձած են աւարով՝ իրենց հետ բերելով, օրինակի համար, 50,000 թոն ձիթապտուղ:

Յիշեցնելով, որ Աֆրինի ռազմական գործողութիւնը կը կրէր «Ձիթենիի ճիւղ» անունը՝ ան հեգնանքով ըսաւ. «Ռազմական գործողութեան անունը սխալ դրած էք։ Անիկա ոչ թէ «Ձիթենիի ճիւղ» այլ «Ձիթենիի թալան» պէտք է անուանէիք»:

Սեզայի Թեմելլի նաեւ խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ բանակին կողմէ Սուրիոյ քրտաբնակ շրջաններուն վրայ շարունակուող ռմբակոծումները:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ