«Պատմական Հայաստանի ծածուկ քարտէսը»՝ վաւերագրական շարժապատկերին քննարկում Ֆրեզնոյի մէջ

ՖՐԵԶՆՕ.- Երեքշաբթի, նոյեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) տեղի պիտի ունենայ «Պատմական Հայաստանի Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map of Historic Armenia») վաւերագրական շարժապատկերին քննարկումը։

Քննարկումը պիտի առաջնորդեն Սթիւըն Սիմ եւ Անի Յովհաննէսեան։

Ճարտարապետութեան մասնագէտ Սիմ 1980ականներէն ի վեր բազմաթիւ առիթներով Արեւմտեան Հայաստան այցելած է՝ փնտռելով միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան անտեսուած եւ անհետացող նմոյշներ եւ զանոնք մոռացութեան մատնուելէ փրկելու համար նկարած է առաւել քան 100,000 լուսանկարներ։

Սիմ մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ դիպուածով մը հանդիպած է ամերիկահայ վաւերագրող եւ արտադրող Անի Յովհաննէսեանին, որ իր կարգին իր նախնիներուն հետքերը փնտռելու համար, պատմական Հայաստան կ՛այցելէր։ Այդ հանդիպումէն ծագած է ուսանողական տարիներու ծրագիրէ մը Սիմի կեանքին առաքելութեան վերածուած փորձառութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու գաղափարը։

Քննարկումին մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է կանգնեցնել P6 կամ P5 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրէն:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/artshum/armenianstudies կայքէջը:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ