Ատրպէյճանական բանակի յատուկ ջոկատայիններու լայնածաւալ զօրավարժութիւն Նախիջևանի մէջ

Հոկտեմբեր 30-ին Նախիջևանի մէջ տեղի ունեցած են ատրպէգճանական բանակի և զինուորական այլ կառոյցներու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած ենօդային ռազմամիջոներ եւ հրետանի, որոնց հետևած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր ՀասանովըԱյս մասին կը յայտնէ Ռազմինֆօ լրատուական կայքը՝ վկայակոչելով Նախիջևանի պետական լրատուական գործակալութիւնը:

Զօրավաժութիւններուն մասնակցած են Նախիջևանի սահմանապահ զօրագունդը, ներքին զօրքերու գունդի եւ պետանվտանգութեան ծառայութեան յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները: Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ մասնակցած են ընդհանուր հազարէ աւելի զինուորական, որը զգալի թիւ է յատուկ ջոկատայիններու համար:

Մասնակցած են նաև 80-է աւելի զրահապատ, 20-է աւելի Հակօդային միջոց, շուրջ 40 միաւոր հրետանի, 10-է աւելի ռազմական օդանաւեր, որոնց շարքին ՍՈւ-25 եւ Մի-35 յարձակողական ուղղաթիռներ և ԱԹՍ-ներ (Անօդաչու թռչող սարք):

Horizonweekly.ca 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ