Հրապարակուեցաւ վարչապետ Թրուտոյի` Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան «Հորիզոն»ի տեսանիւթը

Հոկտեմբեր 24-ին, Youtube-ի ցանցին վրայ տեղադրուեցաւ վարչապետ Թրուտոյի` Հայոոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր պատմական այցելութեան «Հորիզոն»ի պատրաստած տեսանիւթը։

Տեսանիւթը խմբագրուած է «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Տիանա Սքայայի եւ «Բարս Մեդիա» վաւերագրական տեսաժապաւէններ պատրաստող ընկերութեան կողմէ։

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 11-12 Երեւանի մէջ կայացած ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հորիզոն»ը, որպէս գանատական եռալեզու լրատուամիջոց։

Տեսանիւթը «Հորիզոն»ի խմբագրութեան կողմէ պիտի ուղարկուի վարչապետ Թրուտոյի գրասենեակ, որպէս՝ արխիւային յիշատակարան։

Horizonweekly.ca 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ