ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ գործող Ժամանակակից լրագրողներու միութիւնը այս տարուան յուլիս–սեպտեմբեր ամիսներուն մասին իր հերթական զեկոյցին մէջ հասած է այն եզրակացութեան, որ երկրին լրատուական դաշտը խաւարի մէջ կը գտնուի:
Հոն կը շեշտուի, որ ապրիլ 2017ին կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն եւ այս տարուան յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ մէջ «բոլոր իրաւասութիւնները փոխանցուած են մէկ անձի, որ միաժամանակ իշխող կուսակցութեան նախագահն է»:
Զեկոյցին՝ «Սկզբունքներու ոտնակոխում եւ մենատիրութիւն» խորագիրով բաժինին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուած է այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս իշխանամէտ մամուլը կը փորձէ քօղարկել երկրին բնակչութեան վրայ ազդող տնտեսական ճգնաժամը՝ դէմ կենալով լրագրութեան բոլոր սկզբունքներուն:
Նաեւ քննադատուած է իշխանութեան վարած սխալ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ այդ սխալները ծածկելու նպատակով՝ այլ երկիրները հանրութեան իբրեւ «սատանայ» ներկայացնելու ջանքը, մինչդեռ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ փրկիչ եւ «հրեշտակ»:
Asbarez.com
Leave a Reply