ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հոկտեմբեր 17ին, Պոլսոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը մուտք գործելէ ետք անհետացած սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի գծով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Ռիատի մէջ սկսած խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան Անգարայի մէջ, նախագահ Էրտողանի հետ։
Խորհրդակցութեան մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան, սակայն աւելի ուշ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու պնդեց, թէ զայն «օգտակար» կարելի է համարել։
Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը, հիմնուելով կարգ մը թրքական աղբիւրներու վրայ, որոնց անունները չեն տրուած, գրեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կրցած են ճշդել սպանութեան միջամուխ եղած հինգ անձերուն ինքնութիւնը։ Անոնցմէ առնուազն չորսը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ պըն Սալմանի մօտիկ անձեր են եւ շատ հաւանաբար արարքը գործած են իշխանին ցուցմունքներով։ Կը պնդուի, որ այդ անձերէն մէկը դիազննութեան նշանաւոր մասնագէտ է, որուն ներկայութիւնը տեղի կու տայ լուրջ կասկածներու, թէ լրագրողին դիակը անհետացնելու նպատակով կտորներու բաժնուած է։ Նաեւ, կը հաղորդուի, որ Պոլսոյ սէուտցի հիւպատոսը Հոկտեմբեր 16ին անձնական օդանաւով վերադարձած է Սէուտական Արաբիա։
Asbarez.com
Leave a Reply