Իմ կեանքի պարտքն է ` Ձեր մասին պատմել թուրքերուն․ պոլսահայ լրագրողը` Ազնաւուրին

Պոլսահայ լրագրող Անժէլ Տիքմեն Artigercek կայքին մէջ Շառլ Ազնաւուրին հրաժեշտի յօդուած հրապարակած է:

Անժել Տիքմեն իր հրապարկման սկիզբը կը յիշեցնէ, որ Ազնաւուր իր 94 տարուան կեանքի 85 տարին բեմերու վրայ անցուցած է, Times ամսագրի կողմէ 20-րդ դարու արուեստագէտ ճանչցուած:

«Յարգելի Ազնաւուր, Հոլիւուտի մէջ ձեր աստղը դրուեցաւ, Իսրայէլը ձեր հօր եւ մօր անունով նամականիշ թողարկեց, քանի որ 2-րդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հրեայ ընտանիքներ պահած էք ձեր տունը: Միսաք Մանուշեանին եւ ընկերներուն ալ պահած էք ձեր տան մէջ․․․:

Ձեր բոլոր հարցազրոյցները դիտած եմ: Որեւէ տեղ թուրքերու հանդէպ ատելութիւն չեմ տեսած: Ձեր միակ ցանկութիւնն էր, որ վերջ տրուի ժխտումին:  Երբ Էրտողան ցաւակցեցաւ 1915-ի զոհերու հարազատներուն, դուք զարմացած հարցուցիք, թէ արդեօք ձեր հարազատները վթարէ՞ն մահացած են, որ ընդամէնը կը ցաւակցիք: Այո, դուք ճիշդ էիք: Բայց մեր երկրին մէջ սովորոյթ չկայ չիմացած բանի մասին կարդալ եւ տեղեկանալ:

Ես շատ տխրեցայ, որ ձեր մահուան առիթով ցաւակցական գրառումներու տակ գրած էին, թէ Ազնաւուր թուրքերուն թշնամին է, ինչո՞ւ կը ցաւակցիմ: Նման բան գրողներուն ձեր մասին պատմելու համար կը գրեմ ասիկա: Թուրքերուն ձեր մասին պատմելը իմ կեանքի պարտքն է»,-գրած է Տիքմեն:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ