Անգարա Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ խուզարկումներ կատարելու արտօնութիւն խնդրած է

Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը դարձեալ կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն` սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողի անհետացման հարցով: Անգարան Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ խուզարկումներ կատարելու արտօնութիւն խնդրած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պոլսոյ դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած է` յայտնի սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշըկժիի անհետացման շուրջ:

Լրատուամիջոցներու թուրք-արաբական ընկերակցութիւնը յայտնած էր, որ լրագրողը, որ կ՛աշխատի «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ, անհետացած է Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք:

Աղբիւրը, յղում կատարելով սէուտցի լրագրողի հարսնցուին, հաղորդած է, որ հիւպատոսարանի աշխատակիցները վերջերս լրագրողը հրաւիրած էին փաստաթուղթեր ձեւակերպելու համար, իսկ իրեն շէնքի տարածք մուտք գործել չեն արտօնած:

Հինգ ժամ սպասելէ ետք, հիւպատոսարանի աշխատակիցներէն մէկը աղջկան յայտնած է, որ ան արդէն հեռացած է եւ անոր պէտք չէ սպասել:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ թրքական իշխանութիւններուն ունեցած տեղեկութեանց համաձայն, լրագրողը կը գտնուի հիւպատոսարանի տարածքին մէջ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յայտարարած էր, թէ անձամբ կը հետեւի սէուտցի լրագրողի անհետացման հանգամանքներու հետաքննութեան:

«Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթը իր կարգին ամերիկեան վարչակարգին կոչ ուղղեց` հետապնդելու Խաշըկժիի հարցն ու պատժելու Սէուտական Արաբիան:

http://www.aztagdaily.com/archives/411457 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ