«Թուրքիան արդէն շատ Ուշացուցած է Ամերիկացի պատուելիի արտայանձնումը» կ՛ըսէ Նոուըրթ

Միացեալ Նահանգներ յոյսով են, որ Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ գտնուող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսըն շուտով պիտի վերադառնայ հայրենիք: Ըստ ամերիկեան կողմին, Թուրքիան արդէն շատ ուշացուցած է պատուելիին արտայանձնումը: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:

Պատասխանելով մամլոյ ասուլիսի մասնակից լրագրողներէն մէկուն հարցումին, թէ արդեօք ճի՞շդ են այն լուրերը, թէ Պրանսըն կրնայ հոկտեմբերի կէսերուն արտայանձնուիլ Միացեալ Նահանգներուն, Նոուըրթ նշած է, որ չի կրնար այդ մասին յստակ որեւէ բան ըսել, սակայն Միացեալ Նահանգներ կը ցանկան վայրկեան առաջ վերադարձած տեսնել հոգեւորականը:

«Չեմ կարծեր հաստատել այդ տեղեկութիւնը, սակայն միանշանակ կ՛ուզենք, որ հոգեւորական Պրանսընը վայրկեան առաջ վերադառնայ: Ատիկա արդէն իսկ շատ ուշացած է: Մենք կը շարունակենք հարցին վերաբերեալ կապի մէջ մնալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ, սակայն այլ տեսակի տեղեկութիւններու համար ստիպուած եմ խորհուրդ տալ դիմել այս գործով զբաղող փաստաբաններուն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի պատուելիի կալանաւորման հարցին շուրջ տարակարծութիւններու լոյսին տակ նոր պատժամիջոցներ հաստատած են Անգարայի դէմ:

Ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցութեան եւ լրտեսութեան համար մեղադրուող Պրանսըն կրնայ 35 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

http://www.aztagdaily.com/archives/410804 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ